Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշանակուած է կազմակերպութեան 11 հոգինոց նոր վարչութիւնը, բաղկացած նուիրեալ գործիչներէ եւ կամաւորներէ։
Նոր վարչութեան անդամներն են՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան (ատենապետ), իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան (փոխատենապետ), Հերմինէ Փախանեանս (գանձապահ), Սագօ Պէրպէրեան (քարտուղար), Լենա Պօզոյեան, իրաւաբան Լինա Դաւիթեան, իրաւաբան Այգ Տիքիճեան, Ճոզէֆ Քասքանեան, իրաւաբան Անահիտ Օշական եւ Րաֆֆի Սարգիսեան։
Վարչութիւնը պիտի շարունակէ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն ի նպաստ պայքարը, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափերուն վրայ։
Անոր գործունէութեան եւ անձնակազմին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ancawr.org կայքը կամ facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը, իսկ «Twitter»ի կամ «Instagram»ի վրայ հետեւիլ «ANCA_WR»ին։
Լուրը ՝ «Ասպարէզ»էն